Առ ի տեղեկութիւն ատրպէյճանեան - TopicsExpress



          

Առ ի տեղեկութիւն ատրպէյճանեան անցուդարձով հետաքրքրուողներուն։ Յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն ընդդիմութեան միակ թեկնածուն` Ջամիլ Հասաանլին (Jamil Hasanli) միջազգային որոշակի համբաւի հասած պատմաբան-արեւելագէտ է։ Կը գրէ ռուսերեէն եւ հեղինակ է շուրջ 10 գիրքերու, որոնց մէկ մասը թարգմանուած է թրքերէնի ու ռուսերէնի ու լոյս տեսած, բացի Պաքուէն, նաեւ` Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի մէջ։ Անգլերէնով լոյս տեսած են At the Dawn of the Cold War: The Soviet-American crisis over Iranian Azerbaijan, 1941-1946 (Rowman & Littlefield Publishers, Inc., 2006) եւ Stalin and the Turkish Crisis of the Cold War, 1945-1953 (Lexington Books, 2011) հատորները։ Շուտով լոյս պիտի տեսնէ երրորդը` Foreign Policy of the Republic of Azerbaijan, 1918-1920: The Difficult Road to Western Integration (Sharpe, M. E. Inc., 2013)։ Հայաստանեան մերօրեայ իրականութեան հետ համեմատութիւն կատարելը կը թողում ընթերցողներուն, յատկապէս` անոնց, որոնք մասնագիտութեամբ պատմաբան են։
Posted on: Mon, 23 Sep 2013 02:33:12 +0000

© 2015